ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԼՈՅՍԸ ՔԵԶԻ ՀԵՏ ԸԼԼԱՅ, ՍԻՐԵԼԻ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ
admin կողմէ January 13th, 2008 թուականին ուղարկուած է: | Բաժինը : Յօդուածները | Comments Off
Որքան շատ բան կրնայինք զոհել, որպէսզի այս կերպ հրաժեշտ չտայինք մեր սիրելի պաշտօնակից Հրանդ Տինքին: Դեռ շատ երիտասարդ էր, կրակոտ էր, նախաձեռնող էր, քաջարի էր, իր սեփական կեանքի ապահովութեան մասին չէր մտածեր, թերեւս քիչ մը կը մտահոգուէր իր սիրելի կողակիցին ու զաւակներուն համար, բայց ան կը քալէր այն ուղիին վրայ, որուն կը հաւատար: Հետաքրքրական տեսակէտներ ունէր, զորս կրնայիր բաժնել կամ չբաժնել: Երբեմն կը բարկանայինք իրեն նկատմամբ, երբեմն ալ կը հիանայինք իր կեցուածքին վրայ: Բայց միշտ ալ կը մտահոգուէինք իրեն համար:
Հրանդ Տինք երեւոյթ մըն էր եւ զուր տեղ չէ, որ ան հիմա հերոսի մը նման հրաժեշտ կ’առնէ այս աշխարհէն: Անկասկած ան իր կեանքը տրամադրեց իր հաւատացած դատին, բայց ան իր եղերական մահով շատ աւելի մօտեցուց հայերն ու թուրքերը, որքան կրցաւ ընել իր ելոյթներով ու մտաւորական գործունէութեամբ: Հիմա մեր սիրտը կը կոտտայ զինք կորսնցուցած ըլլալու ցաւով ու կը յիշենք այն երջանիկ օրերը, երբ իրեն հետ սիրտ ու շունչ կը սպառէինք «Մարմարա»ի երդիքին տակ՝ հրատարակելով իր գրախօսութիւններուն ու «Ջութակ» ստորագրութեամբ կ’արձագանգէր անոնց: Այդ օրերուն մենք «Ջութակ» բառը առաւել եւս սիրած էինք Հրանդ Տինքին անկեղծ, ազգաշունչ, մարդասիրական զեղումներուն պատճառով: Շարունակութիւն…
ՆԵՐԱՇԽԱՐՀՍ, ՈՐ ԱՂԱՒԱՆԻԻ ՆՄԱՆ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ Է
admin կողմէ June 21st, 2007 թուականին ուղարկուած է: | Բաժինը : Յօդուածները | Comments Off
Սկիզբը «թրքութիւնը անարգելու» ամբաստանութեանբ Պոլսոյ-Շիշլիի հանրային դատախազի գրասենեակին կողմէ զիս հետաքննութեան ենթարկելու որոշումին գծով մտահոգուած չէի:
Ասիկա առաջին անգամը չէր: Որովհետեւ Ուրֆայի մէջ նմանօրինակ դատական հարց մը յարուցուած էր ինծի դէմ՝ ընտելացած էի ամբաստանութեան: Վերջին երեք տարիներուն ընթացքին զիս կը դատէին «թրքութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ, 2002ին Ուրֆայի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ «ես թուրք չեմ… բայց Թուրքիացի եւ Հայ եմ» յայտարարելուս համար: Նոյնիսկ տեղեակ չէի, թէ դատական հարցը ինչպէ՞ս կ’ընթանայ: Երբեք հետաքրքրուած չէի: Ուրֆայի մէջ իմ փաստաբան բարեկամներս իմ բացակայութեանս կը մասնակցէին դատավարութեան:
Շատ անհոգ էի, երբ գացի եւ Շիշլիի հանրային դատախազութեան իմ վկայութիւնս տուի: Իմ դիտաւորութիւններուս եւ գրածիս նկատմամբ կատարեալ վստահութիւն ունէի: Անգամ մը որ դատախազը առիթը ունենար արժեւորելու ոչ թէ իմ խմբագրականէս միայն այդ նախադասութիւնը, որ առանձնաբար առնուած անիմաստ էր, այլ ամբողջ գրութիւնը, մեծ դիւրութեամբ պիտի հասկնար, թէ իմ նպատակս «թրքութիւնը անարգել» չէր եւ այս զաւեշտը պիտի վերջանար: Վստահ էի, որ հետաքննութեան վերջաւորութեան դատական հարց պիտի չյարուցուի:
Բայց անպասելիօրէն դատական հարց յարուցուեցաւ: Սակայն լաւատեսութիւնս դեռ չէի կորսնցուցած: Այնքան վստահ էի, որ հեռատեսիլի յայտագիրի մը ուղղակի սփռումին մասնակցեցայ եւ մինջեւ իսկ զիս ամբաստանող փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզին ըսի, թէ՝ «շատ չյուսայ, թէ այս դատական հարցէս ինծի դէմ դատավճիռով մը պիտի չապտակուիմ, եւ այս երկիրը պիտի լքեմ, եթէ դատավճիռի ենթարկուիմ»: Ինքնավստահ էի յօդուածիս մէջ թրքութիւնը անարգելու որեւէ կանխամտածում կամ մտադրութիւն անգամ չունէի: Անոնք որոնք յօդուածներուս ամբողջութիւնը կը կարդան, շատ յստակ կը հասկնան ասիկա, եւ իրողապէս դատարանին կողմէ իբրեւ մասնագէտ նշանակուած Պոլսոյ համալսարանի կաճառէն երեք անդամներու պատրաստած տեղեկագիրը ճիշդ այդ մէկը յայտարարեց:
Շարունակութիւն…
Պիտի չմոռնա՛նք Պիտի չլռե՛նք
admin կողմէ May 13th, 2007 թուականին ուղարկուած է: | Բաժինը : Յօդուածները | Comments Off
Այսօր այստեղ կը գտնուիմ շատ յուզուած եւ շատ պատուաւոր։ Ամենքս ալ ցաւով համակուած ենք։ Այս անձայնութիւնը մեր մէջ յուզումնալից ուրախութիւն մը կը ստեղծէ։
Այսօր կը յուղարկենք մարմնիս միւս կէսը, սիրելիս, զաւակներուս հայրը։ Առանց մէկը անարգելու, առանց լոզունգներու, առանց ցուցապաստառներու պիտի քալենք։ Մեր այս անձայնութեամբ մեծ ձայն պիտի հանենք։
Ով որ ալ ըլլայ ոճրագործը, 17 կամ 27 տարեկան, գիտեմ թէ ան ալ ժամանակին մանուկ էր։ Մանուկէ մը ոճրագործ ինչպէ՞ս կը ստեղծուի, առանց այս հարցումին պատասխանը որոնելու՝ բան կարելի չէ ընել։
Անոր արդարութիւնը, թափանցիկութիւնը, սէրը զայն այստեղ բերին։ Կ՚ըսեն թէ Ան մեծ մարդ մըն էր։ Կը հարցնեմ ձեզի, Ան մե՞ծ ծնաւ։ Ո՛չ, ան ալ մեզ նման ծնաւ։ Ո՛չ թէ երկինքէն, այլ հողէն էր։ Իր կատարած գործը, ոճը, սէրը զայն մեծ ըրին։ Մեծ եղաւ, որովհետեւ մեծ խորհեցաւ, մեծ խօսեցաւ։ Դուք ալ մեծ էք, որովհետեւ այստեղ էք։ Սակայն այսքանով մի՛ մնաք, այսքանով մի՛ բաւարարուիք։
Ատելութեամբ, նախատինքով, ցեղի մը արիւնը ուրիշ արիւնէ բարձր դասելով մեծ ապագայ չըլլար։ Կը բարձրանաս այն ժամանակ միայն, երբ դիմացինդ կը յարգես քու անձիդ պէս։
Սիրելի՛ս,
Դեռ մարմնապէս չծերացած, չհիւանդացած, քու սիրելիներուդ կարօտովը գացիր։ Մենք ալ պիտի գանք, Սիրելի՛ս, այդ աննման դրախտը։ Այնտեղ լոկ սէրը կրնայ մտնել։ Այնտեղ ճշմարիտ սիրով յաւիտենապէս միասին պիտի ապրինք։
Չսպաննող, չնախանձող, չստորագնահատող, ոխ չպահող, ներող, եղբօրը յարգող սէր մը, Քրիստոսի սէրը…
Ո՞ր խաւարը կրնայ մոռցնել քու գործերդ, քու խօսքերդ, Սիրելի՛ս։ Վա՞խը, կեա՞նքը, չարչարա՞նքը, աշխարհիս հաճոյքնե՞րը, մա՞հը, Սիրելի՛ս։
Ես ալ քեզ գրեցի սիրոյ նամակս, Սիրելի՛ս։ Այս ամէնը գրել դժուար եղաւ, Սիրելի՛ս։ Քու սիրելիներէդ, զաւակներէդ, թոռներէդ, մեզմէ, իմ ծոցէս բաժնուեցար, երկրէդ չբաժնուեցար Սիրելի՛ս։
Հանգուցեալ Հրանդ Տինքի կողակիցը՝ Ռաքէլ ծովածաւալ բազմութեան կարդաց հետեւեալ ուղերձը. 23Յունուար 2007-ին Շիշլիի Ակօս Շաբաթաթերթին առջեւ: